Շատ հին ժամանակներուն հայերը նոր տարին նշած են 21 Մարտին` գարնանային գիշերահաւասարի օրը, որ նաեւ բնութեան զարթօնքի խորհրդանիշն էր: Բոլոր գաւառներուն մէջ Կաղանդը կը նշուէր մեծ տօնախմբութեամբ, տաճարներուն մէջ տօնական ծէսեր կը կատարուէին, որոնք կ’ուղեկցէին աստուածներուն զոհեր մատուցելով: Հայոց երկրորդ նոր տարին կը նշուէր 1 Նաւասարդին, (այսինքն` 11 Օգոստոսին)` այն օրը, երբ հայոց հիմնադիր Հայկ Նահապետը յաղթեց Տիտանեան Բելին: Աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ տարբեր ամիսներ նոր տարուան սկիզբ կը համարէին, ուստի այս բազմազանութիւնը երկիրներու տնտեսական եւ մշակութային փոխյարաբերութիւններուն մէջ կը յառաջացնէր որոշ դժուարութիւններ: Ժը. դարուն Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը տոմարագիտական նոր մշակում մը կ’ընէ, որու համաձայն հայերը Ամանորը կը սկսին նշել 1 Յունուարին[1]:
Այսօր ամանորեայ սեղանը կը պատրաստուի շքեղութիւն խորհրդանշելու համար, իսկ հին Հայաստանի մէջ կ’արգիլուէր սեղանին վրայ մսեղէն դնել, որովհետեւ Նաւասարդը ոչ թէ ուտիս, այլ պաս օր էր: Աւանդական ուտեստեղէնները կը պատրաստուէին ընդեղէնէ` լուբիա( որու պատիճը կը խորհրդանշէր ընտանիքին ամրութիւնը, իսկ հատիկը` ընտանիքին սաղմը), ոսպ, չիր, ընկոյզ եւ այլն: Սեղանին զարդը կը համարուէր Տարի հացը, որու մէջ պատրաստելու ընթացքին կը դրուէր գուշակութեան դրամը` տովլաթը: Հացը կը բաժնուէր 12 հաւասար մասերու, եւ ընտանիքին այն անդամին, որու բաժին կ’իյնար տովլաթը, Նոր տարուան ընթացքին անոր յաջողութիւններ կը սպասէր:
Առաջին ապակեայ խաղալիքները պատրաստուած են Տյիւրինգիոյ մէջ (Սաքսոնիա) Ժզ. դարուն, սակայն անոնց արտադրութիւնը սկսած է Ժթ. դարու կէսերուն Սաքսոնիոյ մէջ։ Վարպետ-ապակեգործները խաղալիքները կը պատրաստէին, իսկ անոնց աշակերտները թուղթէ զանգակներ, սրտիկներ եւ այլ պատկերներ կը կտրատէին, զորս կը ներկէին վառ գոյներով։
Առաջին վկայությունները տoնածառ զարդարելու աւանդոյթի մասին եղած են Ժէ. դարու սկիզբը Էլզասի մէջ (նախապէս Գերմանիոյ մաս կը կազմէր, իսկ այժմ՝ Ֆրանսայի)։ Զարդարման համար օգտագործած են գունաւոր թուղթերէ պատրաստուած վարդեր, խնձորներ, բլիթներ, շաքարի հատիկներ եւ այլն[2]։
Առաջին անգամ ելեկտրական ծաղկաշղթաներ օգտագործուած են Ամերիկայի Միացեալ ՆահանգներուՍպիտակ Տան մէջ 1895-ին։
Հին Հռոմի Ամանորը կը սկսէր Մարտին։ Ք.ա. 46-ին Հուլիոս Կեսար տարուան սկիզբը փոխած է 1 Յունուարի։ Անկէ ետք անոր անունով կոչուող Հուլեան օրացոյցը տարածուած է ողջ Եւրոպայի մէջ։
Ֆրանսայի մէջ մինչեւ 755 տարեմուտը կը համարուէր 25 Դեկտեմբերը, յետոյ դարձած է 1 Մարտի։ Ժբ. դարուն տարուան սկիզբը համարուած է Զատիկը, եւ 1564-ին Քարլոս Թ.-ի հրամանով տարեմուտը նշուած է 1 Յունուարին։
Քուպայի մէջ Ամանորը կը կոչուի Թագաւորներու օր։
Յունաստանի Ամանորի գիշերը ընտանիքին մեծը նուռ կը ջարդէ տան պատերէն մէկուն վրայ։
Իսկ Իտալիոյ Ամանորի գիշերը տունէն դուրս կը հանեն հին իրերը։ Իտալացիները կը հաւատան, որ որքան շատ հին իրեր նետեն, այնքան աւելի մեծ հարստութիւն եւ յաջողութիւն կը սպասուի գալիք տարուան ընթացքին։
Ամերիկացիները կկազմակերպեն ջրային շքերթներ՝ ծաղկազարդ նաւակներով: Անգլիացիները՝ շատ մեծ կարեւորութիւն կու տան, թէ այդ օրը ով առաջին անգամ իրենց տունը կը մտնէ. եթէ եկողը շիկահեր է, լաւ նշան է, եթէ թխամազ՝ ոչ այնքան: Չինացիներն այդ գիշեր չեն քնանար՝ ակնկալուող յաջողութիւնը դիմաւորելու համար[3]: